Թուրքիոյ փոխվարչապետը կը յուսայ, որ Հայերը կ՛ընդունին Թուրքիոյ ուղերձը

By Asbarez | Friday, 02 May 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թրքական «Զաման» թերթը Ուրբաթ, Մայիս 2ին հաղորդած է, թէ Ուաշինկթընի մէջ կայացած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ յայտարարած է, թէ Ցեղասպանութեան 99ամեակի նախօրեակին, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնը «յառաջխաղացք մըն էր», եւ յոյս յայտնած, որ Միացեալ Նահանգները, միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանը եւ հայկական Սփիւռքը «կ՛ընդունին Թուրքիոյ ուղերձը»:
Ան աւելցուցած է, թէ Անգարան այս հարցով յաւելեալ քայլեր պիտի իրականացնէ, սակայն այժմ Էրտողանի յայտարարութեան գնահատման կը սպասէ:

 


comments