Ուքրանական ուղղաթիռներ կը զգետնուին Սլովիանսքի մէջ

By Asbarez | Friday, 02 May 2014

 

ՍԼՈՎԻԱՆՍՔ, Ուքրանիա, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Մայիս 2ին, ուքրանական ուժեր փորձեցին վերագրաւել ռուսամէտ ուժերու հակակշիռին տակ գտնուող Սլովիանսք քաղաքը՝ գրաւելով անոր ճամբուն վրայ գտնուող կարգ մը դիրքեր:


Ռուսամէտ զինեալներ կրցած են զգետնել ուքրանական երկու ուղղաթիռներ եւ ձերբակալած անոնց անձնակազմը՝ դանդաղեցնելով յառաջխաղացքը: Կարգ մը տեղեկութեանց համաձայն, անոնց երկու օդաչուները սպաննուած են: Սպաննուած են նաեւ «մեծ թիւով» ռուսամէտ զինեալներ:

Ռուսիոյ իշխանութիւնները խստօրէն դատապարտեցին ուքրանական զինուորական գործողութիւնը՝ զայն «խաղաղութիւն հաստատելու փորձերը քանդող» քայլ մը նկատելով:


comments

Advertisement