Մայիս 1ի ցոյցերուն առիթով բախումներ Թուրքիոյ մէջ

By Asbarez | Friday, 02 May 2014


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա Հինգշաբթի օր դարձեալ փորձութեան օր մը անցուց, Մայիս 1ի՝ Աշխատաւորական տօնին առիթով։ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ ու մասնաւորաբար Պոլսոյ մէջ, հակառակ իշխանութիւններու զգուշացումին, անախորժ բախումներ պատահեցան ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ։

Աշխատաւորական միութիւնները դատապարտեցին յատկապէս Թաքսիմի հրապարակին վրայ հանրահաւաք կայացնելու իրենց դիմումին մերժումը իշխանութեանց կողմէ: Իշխանութիւնները Ապրիլ 30ին յայտարարած էին, թէ արգիլուած է Թաքսիմի վրայ հանրահաւաք կատարել, սակայն արտօնած էին, որ ներկայացուցիչներու փոքրիկ պատուիրակութիւն մը Թաքսիմի հրապարակին վրայ յարգանքի ցոյց ընէ ու ծաղկեպսակ դնէ: Սակայն, Շիշլիէն եւ Պեշիկթաշէն ցուցարարներ փորձեցին քալել դէպի Թաքսիմի հրապարակ եւ դէմ յանդիման եկան ոստիկաններու արգելքին՝ բախումներ պատճառելով: Կեդրոնական հանրահաւաքը պարտադրաբար տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Թաքսիմի հրապարակը մինչեւ ուշ գիշեր փակ մնաց բոլորին առջեւ։ Պոլսոյ կուսակալութեան համաձայն՝ ոստիկանութեան հետ բախում ունենալու հետեւանքով ձերբակալուած է 142 հոգի։ Բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած է առնուազն 90 հոգի, որոնցմէ 19ն՝ ոստիկան։ Իզմիրի մէջ եւս 30 հոգի ձերբակալուած է տօնակատարութեան ընթացքին պատահած բախումներուն հետեւանքով։

 


comments

Advertisement