Հայկական Ցեղասպանութիւնը քննարկուեցաւ Ամերիկահրէական համալսարանի խորհրդաժողովին ընթացքին

By Asbarez | Friday, 02 May 2014

 

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Ցեղասպանութիւնը քննարկուեցաւ Ամերիկահրէական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած տարեկան 44րդ խորհրդաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 8էն 11: Խորհրդաժողովի փոխնախագահ՝ դոկտ. Մարսիա Սաշ Լիթըլ, նշեց, թէ իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը նախատիպար մը հանդիսացած է Հրէական Ողջակիզման:


Բացման նիստին ընթացքին, դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, դոկտ. Ճան Փաուլիքովսքի, դոկտ. Հենրի Նայթ եւ դոկտ. Մայքըլ Պերընպաում քննարկեցին «Դար մը ցեղասպանութիւն. Ի՞նչ սորված ենք» նիւթը, իսկ խորհրդաժողովի զանազան նիստերուն ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւններ ներկայացուեցան կամ քննարկումներու մասնակցեցան հետեւեալ մտաւորականները՝ Իշխան Չիֆթճեան (Լայփցիկի եւ Համպուրկի համալսարաններ), փրոֆ. Ռիչըրտ Տէքմէճեան (Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան),

Խաչատուր Գասպարեան (Երեւանի Պետական համալսարան), դոկտ. Սոնա Յարութիւնեան (Վենետիկի «Քա Ֆոսքարի» համալսարան), Մարք Մամիկոնեան (Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեան ազգային միութիւն), Արտա Մելքոնեան եւ Տորիս Մելքոնեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն աւարտական ուսանողներ), դոկտ. Կարապետ Մոմճեան եւ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ) եւ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ):

Հայկական Ցեղասպանութեան կրօնական երեսը քննուեցաւ Իշխան Չիֆթճեանի, Արտա Մելքոնեանի եւ Տորիս Մելքոնեանի ներկայացուցած ուսումնասիրութիւններով, մինչ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան եւ դոկտ. Սոնա Յարութիւնեան քննարկեցին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գրականութիւնը:



Իր կարգին, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան խօսեցաւ «Թուրքերու եւ հայերու խորհրդանշական յարաբերութիւնները. Հարիւրամեայ արգելք մը՝ դարմանումի եւ հաշտութեան առջեւ» նիւթին մասին՝ շեշտելով յարաբերութեանց բարելաւման մէջ թուրքերու կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կարեւորութիւնը:

Մարք Մամիկոնեան խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ աջակցութեամբ արտադրուած գործերուն մասին, իսկ փրոֆ. Ռիչըրտ Տէքմէճեան նկարագրեց ցեղասպանութիւններէ անմիջապէս առաջ տիրող պայմանները, որոնց գիտակցիլը կրնայ ապագայ ցեղասպանութեանց առաջքը առնել:

Վերջին նիստին ընթացքին, դոկտ. Կարապետ Մոմճեան ներկայացուց պարագաները Հայկական Ցեղասպանութեան ընդդիմացած օսմանցի պաշտօնատարներուն, որոնք այդ յանդուգն քայլին դիմած էին, հակառակ իրենց դիմագրաւած վտանգներուն:

Իբրեւ յատուկ հիւր, խորհրդաժողովի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռը՝ Հենրի Պի. Մորկընթաու, որ ներկաներուն հետ բաժնեց իր յուշերը եւ դեսպանին դերակատարութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն:

Ասոնց կողքին, վերապրումի եւ յուշերու յատկացուած նիստին ընթացքին, Խաչատուր Գասպարեան խօսեցաւ հայկական ինքնութեան դիմագրաւած հոգեբանական հարցերուն մասին, իսկ դոկտ. Ռիչըրտ Ռուպընսթայն (Պրիճփորթի համալսարանի նախկին տնօրէն) խօսեցաւ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ սրբազան պատերազմ» նիւթին մասին:

Խորհրդաժողովին զուգահեռ, Երկուշաբթի, Մարտ 10ին տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան, Հրէական Ողջակիզումին ու այլ ցեղասպանութեանց մասին խօսեցան դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, դոկտ. Մայքըլ Պերընպաում եւ դոկտ. Սթեֆըն Սմիթ: Դոկտ Յովհաննէսեան կոչ ըրաւ հայութեան, որ «իր փորձառութիւնը համաշխարհայնացնէ» եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը դարձնէ համաշխարհային պատմութեան մէկ մասնիկը, ինչպէս ըրած են հրեաները, Հրէական Ողջակիզման պարագային:

 

(Քաղուած Տորիս եւ Արտա Մելքոնեաններու թղթակցութենէն)


comments

Advertisement