By Asbarez | Friday, 02 May 2014
ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ», «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի խորհրդարանը Ուրբաթ, Մայիս 2ին առաջարկած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը հաշուետուութիւն տայ նոյն կառոյցի ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին, եւ պահանջած է տուեալ հարցը ԵԱՀԿ ԽՎի՝ Պաքուի մէջ կայանալիք նիստի օրակարգին վրայ դնել:
Առաջարկը ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահ Օկթայ Ասատով, որ այս առիթը օգտագործած է դարձեալ քննադատելու համար ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի գործունէութիւնը՝ ըսելով . «ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նոր անդամները չեն հասկնար ղարաբաղեան հակամարտութեան էութիւնը եւ զբաղած են միայն «Թուիթըր»ի վրայ անհիմն մեկնաբանութիւններ գրելով»:
«Որոշ համանախագահներ կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացնել իբրեւ հակամարտող կողմ: Արդեօք նման պետութիւն գոյութիւն ունի՞», հարց տուած է ան:
Յայտնենք, թէ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթեր Մայիս 3ին Պաքու պիտի այցելէ, քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: Նաեւ, ԵԱՀԿ ԽՎի մօտ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Պահար Մուրատովա Մայիս 2ին յայտարարած է, թէ Պաքուի մէջ Յունիս 28էն մինչեւ Յուլիս 2 կայանալիք ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի 23րդ նստաշրջանին ընթացքին, օրակարգի վրայ պիտի դրուի «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման հարցը»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ