Ասորիները եւս Էրտողանէն ցաւակցութիւն կ՛ուզեն

By Asbarez | Monday, 05 May 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ասորիներու միութիւնները կը պահանջեն, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնէ 1915ին իրենց կեանքը կորսնցուցած ասորիներուն համար։ Ասորիները կը պնդեն, որ իրենք եւս ցեղասպանութեան ենթարկուած են, ինչպէս հայերը։ Անոնք այդ ցեղասպանութիւնը կը կոչեն «Սէյֆօ», որ ասորերէնով կը նշանակէ սուր կամ՝ սուրէ անցնիլ։

Ասորիները կ՛ըսեն, որ վարչապետը յիշեց 1915ին իրենց կեանքը կորսնցնողները, բայց մոռցաւ ասորիները։ Ըստ իրենց՝ ասորիները հայերէն նուազ կորուստ չեն ունեցած, այլ ապրած են նոյն ողբերգութիւնը։

Ասորիներու միութիւններու դաշնակցութեան նախագահ Էվկիլ Թիւրքեր յայտարարած է, որ այս հարցին մէջ հայերը աւելի ազդու են, որովհետեւ անոնք ունին Սփիւռքը, մինչդեռ տեղահանութիւնը բոլոր քրիստոնեաներուն ուղղեալ էր։ «Եթէ այսօր Թուրքիոյ մէջ ասորիներու թիւը 20 հազար է, ապա ատիկա «սէյֆօ»ին հետեւանքն է», ըսած է Թիւրքեր՝ աւելցնելով, թէ Էրտողան միայն հայերուն ցաւակցութիւն յայտնած է, որովհետեւ Թուրքիա չի փափաքիր այս շրջանակը ընդարձակել։

«Հայերը ի վերջոյ Հայաստան մը ունին, որ ձայն կը բարձրացնէ, մինչդեռ մենք ասորիներու պետութիւն մը չունինք, ձայն չունինք ու մեր գործը մնացած է միջազգային հանրային կարծիքի խղճմտանքին», աւելցուցած է ան։

Ասորիներու «Սապրա» թերթի խմբագիր Թումա Չելիք եւս պնդած է, որ Էրտողանի ուղերձը վիրաւորած է ասորիները՝ ըսելով. «1915ը միայն հայերո՞ւն ուղղուած էր, ուրեմն մերինները ո՞ւր են հիմա, ինչո՞ւ չկան»։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Էրտողանի ուղերձը հրատարակուած է ինը լեզուներով, որոնց մէջ ասորերէն չկար։ «Պէտք էր, որ ասորերէն թարգմանութիւնն ալ հրատարակուած ըլլար։ Ամբողջ ժողովուրդ մը «չկայ» ենթադրուեցաւ այս կերպով», եզրակացուցած է Չելիք:

comments

Advertisement