By Թերթ | Wednesday, 31 August 2011
ԵՐԵԻԱՆ, «Թերթ».- Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքած է՝ քննադատելով ֆրանսացի պատգամաւորներուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն կատարած այցելութիւնը:
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլաեւի, ատրպէյճանցիները նաեւ նամակ ուղարկած են Ֆրանսայի խորհրդարանին՝ պահանջելով բացատրութիւններ տալ խորհրդարանականներու գործողութիւններուն համար:
Աւելի ուշ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի բողոքագիրին, որ կը վերաբերէր Ֆրանսայի խորհրդարանի Ազգային պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի անդամներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցին:
Ըստ ատրպեճանական «1news.az» կայքին, ֆրանսական կողմը պատասխանած է, թէ ֆրանսացի պատգամաւորներուն այցը ոչ-պաշտօնական բնոյթ կը կրէր, եւ իրականացած է նոյն յանձնաժողովի նախագահ Կի Տեսիէի անձնական նախաձեռնութեամբ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, ֆրանսացի պատգամաւորները երկօրեայ ճանաչողական այցով Արցախ ժամանած էին Օգոստոս 21ին, իսկ Երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած էին նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ