Արամ Ա. Քեսապի հարցով նամակ կը ստանայ ՄԱԿէն

By Asbarez | Monday, 05 May 2014

 

 


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Մայիս 4ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Վալերի Էյմըսէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ վերջինս շնորհակալութիւն կը յայտնէ վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած հանդիպման ու անոր կատարած ցուցմունքներուն համար, ապա կը վստահեցնէ, թէ մօտէն կը հետեւի Քեսապի գաղթականներու հարցին՝ շարունակելով այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:

Յայտնենք, որ Քեսապի հարցը՝ իր քաղաքական, մարդասիրական ու ազգային երեսներով, կը շարունակէ մնալ կաթողիկոսին ու Ազգային Կեդրոնական վարչութեան մտահոգութեանց ու աշխատանքներու առաջնահերթ առարկան:

Մայիս 5ի առաւօտուն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ երկու միաբան հայրերու, ուղղուեցաւ Լաթաքիա, Քեսապի գաղթականներուն հետ տեսնուելու եւ հանդիպումներ ունենալու համար պատասխանատու մարմիններուն հետ:

Վեհափառը իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէ Քեսապի տագնապին գծով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ցուցաբերած ազգային միասնականութեան ու զօրակցութեան համար: Վեհափառին սպասումն է, որ մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնը Քեսապի ու ամբողջ սուրիահայութեան շարունակուի գործնական արտայայտութիւններով, յատկապէս՝ նիւթական օժանդակութեամբ թիկունք կանգնելով սուրիահայութեան կարիքներուն եւ անոնց վերականգնումի աշխատանքին:

 


comments

Advertisement