Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահին հետ

By Asbarez | Monday, 05 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ.– 5 Մայիսին պաշտօնական այցելութեամբ Թեհրան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպումներ ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ։


Նախագահ Ռոհանի տեսակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Իրանի առաջնահերթութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդումն է։ Անդրադառնալով հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններուն՝ նախագահը հաստատած է, որ Իրան պատրաստ է հիւրընկալել հայ ներդրողները եւ փոխադարձաբար իրանցի ներդրողները խրախուսել, որպէսզի Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարեն:

Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ Իրանի նախագահը դիտել տուած է. «Եթէ երկիրներուն միջեւ խնդիրներ կան, ապա անոնք պէտք է լուծուին քաղաքական երկխօսութեան ճամբով: Եթէ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն տիրէ, ապա ատիկա պիտի բխի տարածաշրջանի երկիրներու շահերէն»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ անդրադառնալով երկաթուղիի շինարարութեան, մայրուղիի կառուցման, համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ երկկողմանի ուժանիւթի վերաբերող նախագիծերու իրականացումը հայ-իրանական յարաբերութիւններու ամրապնդման իմաստով նոր հեռանկարներ պիտի բանայ:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հասան Ռոհանիին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրաւոր նամակը:

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշած է. «Նպաստաւոր պայմաններ գոյութիւն ունեն ճարտարագիտական եւ տեխնիկական ծառայութիւնների, ինչպէս նաեւ ապրանքափոխանակման ոլորտներում Իրան-Հայաստան համագործակցութիւնների ընդլայնման համար»:

Լարիժանի յայտնած է, որ տարածաշրջանային ու միջազգային ընդհանուր շահերու ապահովման ուղղութեամբ միջազգային շրջանակներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ Իրանի ու Հայաստանի քաղաքական այրերու երկխօսութիւնները երկարատեւ ազդեցութիւն ունին երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան քաղաքական ու խորհրդարանական երկխօսութիւնները ազդեցիկ նկատած է՝ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ եւ նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը կը հովանաւորեն երկու երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւնները:


comments

Advertisement