Թուրքիա Կը Խոստանայ Հայերուն Վերադարձնել Գրաւուած Կալուածները

By Մարմարա | Wednesday, 31 August 2011

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութիւնը Շաբաթ, Օգոստոս 27ին պաշտօնապէս հրապարակեց փոքրամասնական կալուածներու մասին օրէնքի փոփոխութիւնը, որուն շնորհիւ, երկրի փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին՝ հայերուն, կը վերադարձուին 1936էն ի վեր խլուած կալուածները։ Այդ որոշումը երկար տարիներու պայքարի եւ առաւելաբար Եւրոպական Միութեան ճնշումին արդիւնքն է։

Ըստ պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ տեղ գտած հրամանագիրին, թրքական իշխանութիւնները որոշած են 1936ին համայնքային հիմնադրամներուն պատկանած անշարժ գոյքն ու կալուածները իրենց տէրերուն վերադարձնել։ Իսկ այն կալուածներուն պարագային, որոնք կը գտնուին ոչ թէ պետութեան, այլ որեւէ երրորդ կողմի տիրապետութեան տակ, պիտի փոխարինուին համապատասխան «արդար» գումարներով, պետական գանձարանին եւ հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրէնութեան կողմէ։ Սակը պիտի ճշդուի ելեւմտական նախարարութեան կողմէ:

Յառաջիկայ 12 ամիսներուն ընթացքին, փոքրամասնական հիմնադրամները, պետութեան դիմելով՝ պիտի կրնան ստանալ 1936ին իրենց պատկանած եւ հետագային տարբեր պատճառներով պետութեան կամ այլ երրորդ անձերու անցած հողային տարածքները, շէնքերը, գերեզմանատուներն ու նոյնիսկ շատրուանները, պայմանաւ նաեւ, որ խորհրդարանն ալ վաւերացնէ վերադարձի որոշումը:

Հետաքրքրական է, որ այս նոր կանոնագրութիւնը պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուեցաւ փոքրամասնութիւններու կողմէ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայութեամբ սարքուած Կիրակի օրուան «Իֆթար»էն մէկ օր առաջ։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ եպս. Աթէշեան, «Երկիր Մեդիա»ին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշած է, որ ասիկա ուրախալի փաստ է, սակայն ոչ՝ անակնկալ, որովհետեւ ամիսներ առաջ անիկա արդէն իսկ կը քննարկուէր։ «Անշուշտ հաճելի է այս որոշումը պաշտօնապէս տեսնել կառավարութեան տեղեկագիրին մէջ», աւելցուցած է սրբազանը։

Իսկ Արսէն Երման, որ վարչական ամենամեծ կալուածները ունեցող հիմնադրամներէն՝ Ազգային Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի, հոգաբարձութեան խորհուրդի փոխատենապետն է, շեշտած է, որ իրենք առաջինն էին, որ դիմեցին Եւրոպական դատարան եւ ետ ստացան կալուածներուն մէկ մասը, որմէ ետք կառավարութիւնը սկսաւ աւելի լուրջ մտածելու այդ հարցին մասին։

Սակայն, մտահոգութեան ալիք բարձրացուցին շատ մը քաղաքացիներ, որոնք այսօր կը բնակին այդ կալուածներուն մէջ։ Անոնք չեն ընդունիր որոշումը։ Հնչեցին նաեւ ծայրայեղական այնպիսի կարծիքներ, թէ՝ Թուրքիոյ պէտք է վերադարձուին Եւրոպայի տարածքին մէջ գտնուող եւ թուրքերուն պատկանող կալուածները։

Կիրակի օր, թրքական թերթեր լայն սիւնակներ տրամադրած էին այս լուրին։ Փաստաբան Քեզպան Հաթեմի, որ միշտ պաշտպան կանգնած է փոքրամասնութիւններու իրաւունքին, գրած է, որ անունը պատմութեան պիտի անցնի այս որոշումներուն շնորհիւ։ «Անձամբ վարչապետն էր, որ պահանջեց անիրաւօրէն գրաւուած կալուածներու վերադարձը փոքրամասնութիւններուն, իսկ Եւրոմիութիւնը, որ միշտ մատին կը փաթթէր այս հարցը, ասկէ ետք պիտի չկարենայ Թուրքիոյ դէմ խօսիլ այս հարցին կապակցութեամբ», ըսաւ Հաթեմի։

Կետիկփաշայի թաղային խորհուրդի ատենապետը, «Ռատիքալ»ի մէջ Շանլըի ըսած է. «Իրականութիւն է, որ այս կալուածները փոքրամասնութեան կը պատկանին։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւորած կառավարութեան շնորհիւ, մեր բռնագրաւուած կալուածներուն մէկ մասը սկսաւ վերադարձուելու, բայց տակաւին շատ երկար ճամբայ պէտք է կտրուի։ Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ այժմու կառավարութեան, բայց տակաւին կան 280 կալուածներ, որոնք պէտք է վերադարձուին։ Ասոնցմէ միայն 12ը վերադարձուեցաւ ցարդ։ Ներկայիս, սակայն, կալուածներէ աւելի կարեւոր խնդիրներ ունինք։ Օրինակ՝ կրթական խնդիր, կամ պատրիարքարանի բարոյական անձնաւորութեան ճանաչումը, եւ այլն։ Կը հաւատամ որ այս բոլորը պիտի յաղթահարուին կառավարութեան շինիչ քաղաքականութեան շնորհիւ։ Կը յուսանք, որ ասկէ ետք փոքրամասնութիւններուն խնդիրը պիտի չզբաղեցնէ Եւրոմիութեան շրջանակները»։

Կիրակի օր կայացած «Իֆթար»ը, ըստ «Մարմարա»ին՝ «Պատմութեան մէջ ոսկետառ արձանագրուելու արժանի գիշեր մըն էր, պետութիւնը ողջագուրուեցաւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն հետ, երկուքին միջեւ փուլ եկան տեսանելի ու անտեսանելի բոլոր պատերը, ու նորատեսակ հաշտութիւն կնքուեցաւ»։

Վարչապետ Էրտողան ու կողակիցը, վարչապետի տեղակալ Պիւլենտ Արընչ ու կողակիցը, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան, կրթական եւ այլ նախարարներ, Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, Պոլսոյ կուսակալը, բազմաթիւ երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, պաշտօնատարներ ու դեսպաններ ներկայ էին այդ «Իֆթար»ին: Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնական բոլոր համայնքներու կրօնապետներն ու ղեկավարները:

Վարչապետը մէկ առ մէկ ձեռնուեցաւ կրօնապետներուն հետ եւ ապա սեղանակից եղաւ անոնց։ Առաջին խօսողն էր փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ 162 վագըֆներու անունով ողջունեց ներկաները ու յիշեցուց, որ Թուրքիոյ փոքրամասնական հիմնարկները գոյատեւելու բուռն պայքար կը մղեն անվհատօրէն։ Պոլսոյ համայնքներուն կողքին, ան յիշեցուց նաեւ Անատոլուի արեւելեան նահանգներուն մէջ ապրող զանազան փոքր համայնքները։ Վինկաս ըսաւ, որ այժմ՝ այս կառավարութեան օրով, շատ բան փոխուեցաւ, եւ որ «մենք այլեւս ինքնավստահութիւն ունինք ու փրկուած ենք անցեալի մէջ գործադրուած ճնշումներէն»։ Ան անդրադարձաւ նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան գործընթացին ու դիտել տուաւ, որ փոքրամասնութիւններն ալ պէտք է իրենց տեղը ունենան անոր մէջ։

Ապա խօսքը տրուեցաւ ասորի համայնքի պետին, որմէ ետք հայ համայնքին անունով բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ողջունեց ներկաները ու շնորհաւորեց նաեւ իշխող կուսակցութեան հիմնադրութեան տասնամեակը, ապա յիշեցուց, որ Էրտողան առաջին վարչապետն էր, որ «այցելած էր մեր հիւանդանոցը ու կատարած էր թանգարանին բացումը»։ Ան յիշեց, թէ ինչպիսի՛ բարելաւումներ արձանագրուեցան ներկայ իշխանութեանց օրով:

Շիրինօղլուէն ետք ելոյթ ունեցաւ նաեւ հրեայ համայնքի ներկայացուցիչը, որ գրեթէ նոյն նիւթերուն շուրջ արտայայտուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին զարգացումներուն համար։

Յաջորդ ելոյթը եկաւ Պիւլենտ Արընչէն, որ անդրադարձաւ կալուածները վերադարձնելու խնդիրին եւ յստակօրէն ըսաւ, որ ասիկա փոքրամասնութիւններու արդար իրաւունքն է։ «Այլեւս չըլլա՛յ, որ որեւէ մտահոգութիւն ունենաք. այս իրաւունքները ձեզի պիտի տրուին», ըսաւ Արընչ՝ վստահեցնելով, որ «անցեալի սխալները անցեալի մէջ պիտի մնան»:

Իր կարգին, Էրտողան ըսաւ, թէ շատ երջանիկ էր փոքրամասնութիւններու հետ բոլորուելով։ «Ասիկա Պոլիսն է ահաւասիկ: Ասիկա այն քաղաքն է, ուր էզանն ու եկեղեցիներու զանգերը քով քովի, նոյն փողոցին մէջ կը հնչեն։ Աստուծոյ կամքով, ասիկա միշտ այսպէս ու խաղաղութեան մէջ պիտի շարունակուի։ Հոս այլեւս խտրականութիւն չկայ, ուրիշը «ուրիշ» նկատելու հակում չկայ», ըսաւ ան։

Էրտողան յիշեց նաեւ պոլսահայ գրող Պէրպէրեանը, որ գրած է, թէ Պոլիս քաղաքը, տեսնել գիտցող աչքերուն համար՝ ծաղկեփունջ մըն է, որ կազմուած է ամէն տեսակ ծաղիկէ։ «Մենք պիտի չարտօնենք, որ այս ծաղիկները թարամին», ըսաւ Էրտողան։

Ապա Էրտողան յիշեց Եասըատայի մէջ դատապարտուած ու իր մահկանացուն կնքած նշանաւոր հայ բժիշկ Զաքար Դարվերը՝ ըսելով, որ այս անձին ու միւսներուն պատճառաւ, «Եասըատա»ն դարձաւ «Եասլըատա» մը՝ սուգի կղզի։ Վարչապետը յիշեց երեսփոխան Զաքար Դարվերի կողմէ խորհրդարանին մէջ կատարուած ճառախօսութիւն մը, ուր ան ըսած էր, թէ այս երկիրին մէջ ոչ-իսլամները իրենց ճակատագիրը կապած էին իսլամ հայրենակիցներու ճակատագիրին։

)Տոքթ. Զաքար Դարվեր մօտիկ անցեալի շողանկարի ամէնէն նշանաւոր մասնագէտն էր Թուրքիոյ մէջ. արժէքաւոր հայ մտաւորական մը ու հայ մշակոյթի սիրահար մարդ, որ երեսփոխան ընտրուեցաւ անբախտ շրջանի մը, Ատնան Մենտերեսի հետ աքսորուեցաւ Եասըլատա, եւ հոն զրպարտութեան մը զոհ երթալով՝ ծանր տանջանքներու ենթարկուեցաւ ու իր կեանքը կորսնցուց, «Մարմա-րա»):

Էրտողան ապա ըսաւ, որ փոքրամասնութիւնները ատենօք չկրցան ապրիլ իրենց ազատութիւնը, անիրաւութիւններու ենթարկուեցան, բայց ասիկա անցեալին մէջ մնաց այլեւս։ «Այսօր այլեւս ոչ մէկ հայրենակից ուրիշ հայրենակիցէ մը գերիվեր է, բոլորն ալ առաջին կարգի հայրենակից են։ Բոլորին ալ կեանքի ու ինչքի անվտանգութիւնը պահպանելը մեր պարտականութիւնն է։ Հարիւր տոկոս յաջողեցա՞նք։ Պիտի ջանանք, որ հարիւր տոկոս յաջողած ըլլանք։ Մենք բոլորը հաւասարապէս կը սիրենք», աւելցուց ան։

Ապա Էրտողան անցաւ բուն նիւթին, որ վագըֆներու օրէնքի նիւթն էր։ «Այսօր հոս պարապ ձեռքով չեկանք», ըսաւ Էրտողան, որ յիշեցուց նոր կանոնագրութիւնը։ Ապա ան «արժէքաւոր բարեկամս Պետրոս» անուանելով՝ յիշեց Պետրոս Շիրինօղլուի ելոյթը, ուր ան ըսած էր, թէ նոր դարաշրջան մը սկսած էր փոքրամասնութիւններուն համար։ Ան պատմեց, թէ հրահանգած է պաշտօնական ծանուցումներու խորհուրդին, որ օգնէ փոքրամասնական վեց թերթերու։ «Մինչեւ որ օրէնքը փոխուի ու թերթերուն ծանուցում տրուի, նիւթական այս օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի», ըսաւ Էրտողան:

Ան ապա անդրադարձաւ Սոմալիի թշուառութեան ու դարձեալ յիշեց Պետրոս Շիրինօղլուն՝ ըսելով, որ Շիրինօղլու քիչ առաջ իրեն յանձնած է հիւանդանոցին անունով հարիւր հազար լիրայի գումար մը, որ պիտի տրամադրուի Սոմալիի։ Այս լուրն ալ ողջունուեցաւ ծափահարութիւններով։

«Էրտողանի ելոյթը զարմանահրաշ էր։ Ան թիւերով, եկեղեցիներու կամ պատմական շէնքերու անուններով, թուականներով խճողուած իր խօսակցութիւնը կ՛ընէր, առանց թուղթի վրայէն կարդալու. ամէն ինչ կը տրուէր յիշողութեան գծով, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ վարչապետը շատ լաւ պատրաստուած էր կամ թէ արդէն շատ լաւ գիտէր այս նիւթերը», կը գրէ «Մարմարա»:

Վարչապետին ելոյթէն ետք համայնքներու ղեկավարները մէկ առ մէկ բեմ գալով՝ նուէրներ յանձնեցին վարչապետին:

comments

Advertisement