By Asbarez | Wednesday, 07 May 2014
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը լուրեր կը հաղորդէ այն մասին, թէ Թուրքիա ու Իսրայէլ կը պատրաստուին վերստին հաստատելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք խզուած էին թրքական «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումէն ետք։ Թուրքիա կը պահանջէ, որ Իսրայէլ ներողութիւն խնդրէ, 9 զոհերու ընտանիքներուն հատուցում վճարէ ու վերջ տայ նաեւ Կազայի շրջափակումին։
Բաւական ժամանակ առաջ, Իսրայէլի վարչապետը ընդունեց ներողութիւն խնդրել, բայց ասիկա բաւարար չնկատուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ, որ կը պնդէ իր միւս պայմաններուն վրայ եւս։ Այժմ, անպաշտօն աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ շարունակուող բանակցութիւնները գրեթէ յանգած են համաձայնութեան մը եւ Իսրայէլ ընդունած է նաեւ հատուցում վճարել։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ Իսրայէլ 21 միլիոն տոլար պիտի վճարէ տուժածներուն, որոնց փոխարէն պիտի վերցուին այն դատերը, որոնք բացուած են Իսրայէլի գործողութեան հրահանգը տուած սպաներուն ու հրահանգը գործադրող զինուորներուն դէմ։
Կ՛ըսուի նաեւ, որ արդէն իսկ ճշդուած են անունները այն դեսպաններուն, որոնք պաշտօն պիտի ստանձնեն յարաբերութեանց վերահաստատումէն ետք:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ