Պաքու Ուորլիքի յայտարարութեան մէջ նորութիւն չի տեսներ

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, Մայիս 8ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով հակադարձած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի կողմէ մէկ օր առաջ կատարուած յայտարարութեան՝ ըսելով, թէ անոր մէջ նորութիւններ չի տեսներ:


Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ նախարարը յայտնած է, թէ Պաքու տագնապին շուրջ խաղաղ պայմանագիր ստորագրելու գաղափարին կողմնակից է: «Ներկայ իրավիճակը անընդունելի է: Անիկա անընդունելի է հայերուն համար եւս, որովհետեւ անոնց երկրին մէջ զարգացում չկայ, փոխարէնը՝ կան ժողովրդագրական խնդիրներ: Մենք հայկական կողմին կոչ կ՛ընենք՝ հարցին համատեղ լուծում մը գտնելու», ըսած է Մամետեարով:

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները տարածաշրջան իրենց յաջորդ այցելութեան ընթացքին պիտի քննեն սուրիահայերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակեցման հարցը:

Յիշեցնենք, որ Ուորլիք կրկնած է Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման «հիմնական սկզբունքներ»ը, որոնք են՝ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող գրաւեալ տարածքներու վերադարձը Ատրպէյճանի, Արցախին միջանկեալ կարգավիճակի տրամադրում, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապող ապահով միջանցքի ստեղծում, ներքին տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն վերադարձի իրաւունքի տրամադրում:


comments

Advertisement