«Ֆորպզ»ի մէջ անդրադարձ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, «Ֆորպզ»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի շրջանաւարտ եւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգորդ Ժանօ Պօղոսեան անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ համամարդկային պատմութեան մէկ մասնիկը:


Պօղոսեան շեշտած է, որ 19րդ դարուն գլուխ բարձրացուցած ազգայնականութիւնը շարք մը փոփոխութիւններ պատճառած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ անկախութեան համար ազգային փոքրամասնութիւններու պայքարը արագացուցած էր կայսրութեան վախճանը, որուն իոբրեւ հակադարձութիւն՝ տեղի ունեցած են 1894-1896ի ու 1909ի ջարդերը, մինչ իշխանութեան գլուխ անցած Երիտթուրքերու օտարատեցութիւնը աւելի ակնյայտ դարձած է:

Ան գրած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը նախադէպ հանդիսացած է ապագայ ցեղասպանութեանց: Յօդուածագիրը քննած է նաեւ ՄԱԿի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի սահմանումը, ուր վեց կէտեր բնորոշուած են. անոնցմէ իւրաքանչիւրին համաձայն՝ կարելի է հաստատել, թէ հայերը ենթարկուած են ցեղասպանութեան: ««Ցեղասպանութիւն» բառը չի կրնար արտայայտել այն ողբերգութիւնը, զոր ապրած են հայերը Երիտթուրքերու վարչակարգին օրօք: Բառը ամբողջական կերպով չի նկարագրեր ազգի մը բնաջնջման փորձը ու չի կրնար արտայայտել 3000ամեայ հին քաղաքներու հիմնայատակ աւերումը, մտաւորականութեան, մշակոյթի եւ լեզուի կորուստը», գրած է հեղինակը եւ աւելցուցած, որ Ցեղասպանութեան դառն յուշերը կարելի չէ յիշողութենէն վերցնել, եւ Ցեղասպանութեան զոհերն ու անոնց ժառանգորդները, այդ պատճառով ալ, արդարադատութեան պահանջը կը զգան:


comments

Advertisement