Զարաքօլու՝ Արժանթինի Պատուոյ Քաղաքացի

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014

ՊՈԼԻՍ.-. «Մարմարա»ի թղթակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, թէ «Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ արժանի նկատուած է այդ երկրի պատուոյ քաղաքացիի կոչումին։

Զարաքօլուին նաեւ խիզախութեան շքանշան յանձնուած է՝ մարդկային եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար իր տարած պայքարին ի պատիւ:

Զարաքօլու Արժանթին կը գտնուէր մասնակցելու Պուէնոս Այրեսի գիրքի 40րդ միջազգային տօնավաճառին, որուն բացումը կատարուած էր Ապրիլ 24ին շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 12։ Զարաքօլու այս առիթով ելոյթ մը ունեցած է՝ անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան եւ նշելով, որ Ապրիլ 24, 1915ին տեղի ունեցած հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ, Թուրքիոյ պատմութեան մէջ սկսած էր «մութ շրջան մը»: Ան խօսած է մարդկային իրաւանց շարք մը գործիչներու, ներառեալ՝ Հրանդ Տինքի սպանութեանց մասին, եւ քննադատած է այն իրողութիւնը, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մտաւորականներ ձերբակալուած են՝ մտահոգիչ պատկեր ստեղծելով մամլոյ ու խօսքի ազատութեան մարզէն ներս։ Անոնց կարգին Զարաքօլու նշած է Սեւան Նշանեանի անունը՝ կոչ ուղղելով, որ ձերբակալեալ մտաւորականները անյապաղ ազատ արձակուին:

Զարաքօլու հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Արժանթինի Ծերակոյտի նախագահին հետ եւ ելոյթ մը ունեցած է ծերակուտականներուն առջեւ։


comments

Advertisement