Մենք արդէն ոչ թէ պիտի պահանջենք, Այլ պիտի կառուցենք ինքնավար Քիւրտիստան. Թունճել

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014


ՊՈԼԻՍ, «Տողան».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սապահաթ Թունճել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ քիւրտերուն համար յառաջիկայ քանի մը տարիները դժուար պիտի ըլլան, սակայն այդ դժուարութիւնները պէտք է յաղթահարել՝ յանուն ինքնավար Քիւրտիստանի եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման: «Մենք արդէն ոչ թէ պիտի պահանջենք, այլ պիտի կառուցենք ինքնավար Քիւրտիստան մը: Մենք մեր լեզուով ու մշակոյթով մենք մեզ պիտի կառավարենք՝ միաժամանակ նպաստելով Թուրքիոյ բարեփոխման», աւելցուցած է ան:

Խօսելով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ ունեցած վերջին հանդիպումին մասին՝ Թունճել վստահեցուցած է, թէ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ թէ իրենք իրենց կարելին պիտի ընեն ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կանխարգիլելու համար:
Թունճել նաեւ խստօրէն քննադատած է 2011ի Դեկտեմբեր 28ին թրքական օդուժին կողմէ սպաննուած 34 քիւրտերու հարցին պատասխանատուները անպատիժ ձգելու իշխանութեանց կեցուածքը:

Քիւրտերը սխալմամբ սպաննուած էին թուրք զինուորներու կողմէ, որոնք այդ երիտասարդները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներ կարծած էին:

 


comments

Advertisement