Ամերիկեան մարտանաւ մը խարիսխ կը նետէ Պաթումի մէջ

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014

 

ՊԱԹՈՒՄ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Մայիս 8ին, Վրաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, թէ Պաթում նաւահանգիստին մէջ խարիսխ նետած է ամերիկեան «Թէյլըր» մարտանաւը, «վերահաստատելու համար Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը՝ ՆԱԹՕի իր դաշնակիցներուն եւ Վրաստանի նման գործընկերներու հետ յարաբերութեանց սերտացման նկատմամբ, նպատակ ունենալով նեցուկ կանգնիլ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն»:


Քաղաքական մեկնաբաններ մարտանաւուն ներկայութիւնը կը կապեն Ուքրանիոյ իրադարձութեանց:

Ամերիկեան մարտանաւը պիտի մասնակցի՝ վրացական ուժերուն հետ համատեղ, Սեւ ծովուն վրայ կայանալիք եռօրեայ ռազմափորձերուն, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ ռումանական ուժեր:


comments

Advertisement