Ցեղասպանութեան մասին լրատուութեանց նուիրուած հատորը կը վերահրատարակուի

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014


ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը (GenEd) վերահրատարակած է մամուլին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լոյս տեսած լրատուութեանց նուիրուած հատորը՝ «The Armenian Genocide: News Accounts from the American Press: 1915-1922»:


Առաջին անգամ 1980ին լոյս տեսած այս հատորը խմբագրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնադիր Ռիչըրտ Քլոյեանի կողմէ, որ մահկանացուն կնքեց 2010ին:

400 էջնոց հատորին մէջ հաւաքուած են «Նիւ Եորք Թայմզ»ի եւ ամերիկեան մամուլին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լոյս տեսած նիւթեր: Հոն կան նաեւ 1890-1909 թուականներուն տեղի ունեցած ջարդերուն մասին լրատուութիւններ:

Այժմ, Թոնի Քլոյեան արտօնութիւն տուած է Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին, որ այս հատորը վերահրատարակուի՝ զայն մատչելի դարձնելու համար աւելի մեծ թիւով ընթերցողներու, ուսուցիչներու, ուսումնասիրողներու եւ քաղաքագէտներու:

Հատորին մէջ կան նաեւ դեսպան Մորկընթաուի, լորտ Պրայիսի, ինչպէս նաեւ գերմանացի, թուրք, իտալացի, դանիացի եւ վերապրողներու վկայութիւններ, Թալէաթի հեռագիրներէն պատճէններ եւ այլ փաստաթուղթեր ու լուսանկարներ:

Նոր հրատարակուած գիրքին գինը 25 տոլար է: Անկէ օրինակ ապսպրելու համար, դիմել Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին՝ (415) 264-4203 թիւով կամ info@GenocideEducation.org հասցէով:

Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը ոչ հասութաբեր եւ տուրքէ զերծ 501(c)(3) կազմակերպութիւն մըն է, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար, կարելի է այցելել www.GenocideEducation.org կայքը:


comments