Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը

By Asbarez | Thursday, 08 May 2014

 

 


ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, պատմակշիռ քայլ մը առաւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ՝ 70 թեր եւ 1 դէմ քուէով վաւերացնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող AJR-32 բանաձեւը:
Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը նաեւ որոշեց իր բանաձեւը յղել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին՝ դիմելով անոնց, որ իրենց կարգին նպաստեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման:

Բանաձեւի քննարկման ընթացքին խօսք առին Էսէմպլիի անդամներ Մայք Կաթօ, Թիմ Տանըլի, Սքաթ Ուիլք, Իըն Քալտերոն, Քաչօ Աշաճեան եւ Շերըլ Պրաուն:
«Այսօրուան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը շահած այս քուէարկութեամբ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը պաշտօնապէս կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կողքին եւ կը վերահաստատէ իր անտեղիտալի յանձնառութիւնը՝ բոլոր ժողովուրդներու ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին հանդէպ», յայտարարեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզ:

 


Իր կարգին, բանաձեւի համահեղինակ Քաչօ Աշաճեան յայտարարեց. «Այս բանաձեւը յատկանշական քայլ մըն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ պետութիւն ըլլալու հանգամանքը ճանչնալու արշաւին մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել յատկապէս պաշտօնակիցիս՝ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյին, որ այս հարցը խորհրդարանին մէջ քննարկման նիւթ դարձուց: Հպարտ եմ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ազատութեան նեցուկ կանգնելու սոյն քայլը որդեգրեց»:

«Այսօրուան պատմական քուէարկութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս օրէնսդիր մարմինը կամքը ունի իրականութիւնը ճանչնալու, հակառակ այդ քայլին դէմ դրուած լուրջ արգելքներուն: Կը դրուատեմ պաշտօնակիցներս, որոնք որոշեցին նեցուկ կանգնիլ իրականութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան: Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու այս քայլը շատ բան ունի ըսելիք՝ ինքնորոշման իրաւունքին տիրանալու եւ անկախ պետութիւն մը դառնալու ճամբուն վրայ արցախցիներուն առած կարեւոր քայլերուն մասին», ըսաւ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան:

 


comments

Advertisement