Էրտողան դարձեալ չի կրնար ինքզինք զսպել

By Asbarez | Monday, 12 May 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ, Մայիս 10ին, Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ պատահեցաւ դէպք մը, որուն նմանը բնաւ չէ պատահած հանրապետութեան պատմութեան մէջ։ Վարչապետ Էրտողան անօրինակ զայրոյթով մը միջամտեց Թուրքիոյ Իրաւաբանական միութեան նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլուի ճառախօսութեան եւ նստած տեղէն պոռալով ըսաւ. «Կը բաւէ, անկրթութիւն կ՛ընես. խօսքերուդ մէջ ճշմարտութիւն չկայ. կը ստե՛ս»։ Այս պոռթկումէն ետք, վարչապետը լքեց հաւաքը եւ մեկնեցաւ։


Ամբողջ երկիրը հեռատեսիլի ուղղակի սփռումով տեսաւ այս պատահարը։ Սփռուածը Գերագոյն ատեանի հիմնարկութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հաւաք մըն էր, որուն ներկայ էին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, Էրտողան եւ պետական աւագանիէն զանազան դէմքեր։ Ֆէյզիօղլու իր խօսքին մէջ, ներքին հեգնանքով քննադատեց կառավարութեան զանազան սխալները։ Ան դիմացը նստող վարչապետին աչքերուն մէջ նայելով կծու քննադատութիւններ ըրաւ՝ սկսելով Վանի երկրաշարժէն տուժած աղիտեալներուն բնակարան տրամադրելու հարցէն ու հասնելով գրաքննութեան առնչուող զանազան հարցերու: Այդ վայրկեանին էր որ վարչապետը չկրցաւ հանդուրժել ու ոտքի կանգնելով սկսաւ պոռալու Ֆէյզիօղլուի երեսին։

Նախագահ Կիւլ, որ վարչապետին քով նստած էր, ի զուր կը ջանար վարչապետին թեւը բռնելով՝ զայն պաղարնութեան հրաւիրել։ Իսկ Ֆէյզիօղլու դարձեալ նոյն ոճով կը պատասխանէր. «Անկրթութիւն ընողը ես չե՛մ, մեծայարգ պարոն վարչապետ»։

Նոյն օրը, վարչապետը Աֆիոնի մէջ պատասխանեց Ֆէյզիօղլուին՝ ըսելով. «Եթէ քաղաքականութիւն պիտի ընէք, փաստաբանական պատմուճանը հանեցէք ու մտէք քաղաքական կեանքէն ներս»։

Վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ նախագահական մօտալուտ ընտրութեանց եւ յիշեցուց, որ նախապէս կուսակցութիւններու առաջնորդները նախագահ կ՛ընտրուէին, բայց այժմ իրենք հաստատած են ժողովուրդին քուէներով նախագահ ընտրելու օրէնքը։ Վարչապետը նաեւ անուղղակիօրէն ակնարկեց, թէ հաւանաբար ինք իբրեւ թեկնածու պիտի ներկայանայ։


comments