Շարլ Ազնաւուր արժանացաւ Ռուբէն Մամուլեանի անուան «Հայակ» յատուկ մրցանակին

By Asbarez | Tuesday, 13 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Հայակ» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ստացաւ Ռուբէն Մամուլեանի անուան յատուկ մրցանակ՝ համաշխարհային շարժապատկերի աշխարհին մէջ ունեցած մեծ ներդրման համար: Մրցանակը Ազնաւուրին յանձնեցին շարժապատկերի մարզին մէջ առաջին քայլերը կատարող երիտասարդները:


«Շնորհակալ եմ, որ «Հայակն» իր ներկայութեամբ պատուել է մեր սիրելի Շարլ Ազնաւուրը: Մենք այս տարուայ երեկոն անցկացնելուց առաջ որոշեցինք սահմանել յատուկ մրցանակ՝ համաշխարհային կինոյում ունեցած ներդրման համար: Ժիւրին այն որոշեց կոչել Ռուբէն Մամուլեանի անունով եւ առաջին մրցանակը յանձնել Շարլ Ազնաւուրին», նշեց «Հայակ»ի նախագահ Գէորգ Գէորգեանը:

Ներկաները յոտնկայս ծափահարեցին նշանաւոր երգիչին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:

Նշենք, որ 12 Մայիսին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն ներկայութեան Շարլ Ազնաւուր տուաւ բացառիկ ելոյթ մը։


comments