ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի Ֆրանսացի համանախագահը պիտի փոխարինէ Փիեռ Անտիոն

By Asbarez | Friday, 16 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Մայիսին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ ԵԱՀԿ Իկոր Փոփովը, Ժագ Ֆորը, Ճէյմզ Ուորլիքը եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը։ Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ յառաջիկային նշանակուելիք ֆրանսացի նոր համանախագահ Փիեռ Անտիոն, զոր Ժագ Ֆորը հանդիպման սկիզբը ներկայացուցած է Հայաստանի նախագահին։


Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է համանախագահ Ժագ Ֆորի գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած բանակցային գործընթացին մէջ ցարդ անոր ունեցաւ կարեւոր առաքելութեան համար։

Հանդիպման ընթացքին համանախագահները նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակին եւ հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:


comments