Վագըֆ տարուած 18 Քեսապահայերը հասան Լիբանան

By Asbarez | Friday, 16 May 2014


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Թրքական տարածքներէ հայկական Քեսապ գիւղին վրայ կատարուած յարձակումին իբրեւ հետեւանք Թուրքիա տարուած 18 քեսապահայերը, այս Ուրբաթ, Մայիս 17ի կանուխ ժամերուն հասան Լիբանան: Պոլիս-Պէյրութ թռիչքով Լիբանան ժամանած քեսապահայերը Թուրքիա տարուած միջոցին բնականաբար ո՛չ անցագիր, ո՛չ ալ համապատասխան փաստաթուղթ ունէին:


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատկան մարմիններուն եւ ազգային իշխանութիւններուն կողմէ հետեւողական աշխատանք տարուեցաւ Պէյրութէն ապահովելու համար անոնց անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի անոնք կարենան ժամանել Պէյրութ:


Լիբանանի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը անհրաժեշտ դասաւորումները կատարած է քեսապահայերու կեցութեան վայրերը ապահովելու առումով:

Թուրքիայէն Պէյրութ հասած քեսապահայերն են.
Յակոբ Կիրակոսեան, Վազգէն Կիրակոսեան, Բաբգէն Ճուրեան, Նուարդ Ճուրեան, Ասպետ Ճուրեան, Յակոբ Ճուրեան, Գարուն Թիթիզեան-Ճուրեան, Սաթենիկ Թիթիզեան, Սրբուհի Թիթիզեան, Սերոբ Սուլեան, Ծովինար Սաղտըճեան-Սուլեան, Մովսէս Արապեան, Մարթա Արապեան, Ներսէս Թանկուկեան, Անահիտ Ահարոնեան, Գարուն Տէր Սահակեան, Զաւէն Յովսէփեան, Ճորճ Քորթմոսեան:



comments