Ռուսիա եւ Չինաստան 40 միլիառ տոլարի համաձայնութիւն կնքեցին

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

 

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Չինաստան այցելութեան ընթացքին, Չորեքշաբթի, Մայիս 21ին Ռուսիա եւ Չինաստան ստորագրեցին ուժանիւթի մատակարարման համաձայնութիւն մը, ըստ որուն՝ ռուսական «Կազփրոմ»ը յառաջիկայ 30 տարիներուն ընթացքին 40 միլիառ տոլար արժող ուժանիւթ պիտի ծախէ Չինաստանի:

Յատկանշական է, որ Չինաստանի ազգային ուժանիւթի ընկերութիւնը համաձայնած է նշեալ գումարին 25 միլիառ տոլարը կանխիկ վճարել, որպէսզի կարելի ըլլայ կազը Չինաստան հասցնող «Սիլա Սիպիրի» անունով մկրտուած կազատարը կառուցել:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ Ռուսիա մտահոգ չէ ռուսական կազէն Եւրոպայի հրաժարումով, որովհետեւ, այդ պարագային, այդ կազը կրնայ ուղարկուիլ Չինաստան կամ այլ շուկաներ:

«Բաւական կարելիութիւններ ունինք, բաւական կազ ունինք, որպէսզի զայն մատակարարենք թէ՛ արեւելեան, թէ՛ արեւմտեան ուղիներով: Սակայն եթէ նկատի առնենք զուտ տեսականօրէն ամենավատ հեռանկարը, ապա՝ կազը, որ կրնայ չմատակարարուիլ Եւրոպային, կրնայ ուղարկուիլ Չինաստան», ըսաւ Մետվետեւ, «Պլումպըրկ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Մետվետեւ նաեւ յիշեցուց, որ Ուքրանիան պէտք է ռուսական կազի վճարման պատկերացում մը ներկայացնէ, իր պարտքերուն դիմաց յատկանշական վճարում կատարէ, հաւանաբար՝ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ: Ան ըսաւ, որ երբ պարտքով դրամ կու տաս ոեւէ մէկուն, ապա համբոյրներ ու խոստումներ չէ որ կը ցանկաս ստանալ՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր պարտատու պէտք է իր գումարը ետ ստանայ: Ըստ անոր՝ ռուսական կազին դիմաց Ուքրանիոյ պարտքը 3.5 միլիառ ամերիկեան տոլարի հասած է:


comments