By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014
ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- 58 երկիրներ ՄԱԿին կոչ ուղղած են սատարելու բանաձեւի այն նախագիծին, որուն միջոցով կը նախատեսուի Սուրիոյ հարցը ներկայացնել Միջազգային քրէական ատեանին: Ըստ նշեալ բանաձեւին՝ միջազգային դատարանը պէտք է հետաքննութեան ենթարկէ մեղադրանքները այն լուրջ յանցագործութիւններուն շուրջ, զորս կատարած են Սուրիոյ կառավարական զօրքերը, կառավարամէտ խմբաւորումները, ինչպէս նաեւ՝ զինեալ ընդդիմադիրները: Բանաձեւի հեղինակներուն նպատակն է յստակ ազդանշան ուղարկել, թէ ամէնէն լուրջ յանցագործութիւնները՝ միջազգային իրաւունքին համաձայն՝ չեն կրնար անպատիժ մնալ:
Ըստ այդ փաստաթուղթին՝ Սուրիոյ իշխանութիւնները պատասխանատու են զանգուածային սպանդի 8 դէպքերու, իսկ ընդդիմադիրները՝ մէկ դէպքի համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով այս առթիւ յայտարարեց, որ Մոսկուան «սուրիական թղթածրարը Միջազգային քրէական ատեան փոխանցելու դէմ պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը», եթէ բանաձեւը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին հասնի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ