Տիգրան Սարգսեանի համար դեսպանի դիրք կը պատրաստուի

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երբ յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի վարչապետ նշանակուեցաւ Յովիկ Աբրահամեան, ճիշդ այդ օրն ալ յայտարարուեցաւ, որ Տիգրան Սարգսեան դեսպան պիտի ըլլայ:

«Երկիր»ը նշած է, որ նախկին վարչապետը դեսպան պիտի նշանակուի կա՛մ Միացեալ Նահանգներու, եւ կամ Սպանիոյ մէջ։ Սակայն վերջին տեղեկութիւններով՝ Սարգսեան պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան։

Արդարեւ, ներկայ դեսպանին՝ Թաթուլ Մարգարեանին, առաջարկ ներկայացուած է արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօն ստանձնելու, սակայն ան մերժած է եւ շուտով պիտի նշանակուի Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան: Պելճիքայի մէջ ներկայիս դեսպանի պաշտօն ստանձնած Աւետ Ադոնց իր դիւանագիտական ծառայութիւնը պիտի շարունակէ Սպանիոյ մէջ:

 


comments