By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

Աթէնքի լրագրողներու միութեան սրահին մէջ, Մայիսի 17ին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման հարցին նուիրուած «Բարբարոսութիւնը արգիլուած է» խորագիրով խորհրդաժողովը:
«Արմէնփրէս» կը տեղեկացնէ, թէ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ձեռնարկը իրականացնող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ Արաքսի Աբէլեան, Յունաստանի համապոնտական դաշնութեան Հարաւային Յունաստանի եւ կղզիներու պոնտական կազմակերպութիւններու միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս եւ Յունաստանի ասորական միութեան նախագահ Կիրիակոս Պացարաս:
Խորհրդաժողովի հիմնական բանախօսներն էին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, Յոյն-հայկական բարեկամութեան միութեան վարչութեան նախագահ, հասարակական գործիչ եւ դասախօս Նիքոս Լիղերոս եւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան անդամ Վասիլեոս Միխանեցիտիս, որոնք հանգամանօրէն քննութեան տակ առին օրուան նիւթին առնչուող հարցերուն ամբողջ ներկապնակը եւ պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:
Խորհրդաժողովին ներկայ էին Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Մինաս Մարտիկեան, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Իսկ Մայիս 19ին, Աթէնքի կեդրոնական «Սինթաղմա» հրապարակին վրայ կայացաւ Յունաստանի մէջ պետականօրէն նշուող պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան եւ Անյայտ զինուորի յուշարձանին ծաղկեպսակ զետեղեցին նաեւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, ՀՅԴ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ