Ամսթերտամի թիւ 293 կամուրջը վերանուանուեցաւ «Հայկական Կամուրջ»

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

 

 

Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի հայկական եկեղեցւոյ մօտերը, Հինգշաբթի, Մայիս 15ին տեղի ունեցաւ դէպի եկեղեցի առաջնորդող կամուրջին անուանատախտակի բացման արարողութիւնը:

Ասէնի «Արմէնիա» միութեան նախագահ Նիքոլա Ռոմաշչուքի ջանքերուն շնորհիւ եւ Ամսթերտամի քաղաքապետարանին որոշումով նոյն թիւ 293 կամուրջը վերանուանուեցաւ «Հայկական կամուրջ»:

Հոլանտական հողին վրայ հայկական պատմական ներկայութեան մասին հաւաստող այս նախաձեռնութեան նուիրուած արարողութեան բացումը կատարեց Տարօն քհնյ. Թադէոսեան՝ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան եւ Ամսթերտամի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Ռոպ Քաթէն քօղազերծեցին վերանուանուած կամուրջին անուանատախտակը:

 


comments

Advertisement