Ըստ «Ֆորպզ»ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը այցելութեան արժանի ինը յուշակոթողներու կարգին է

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ընդգրկուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Ֆորպզ» ամսագիրին հրապարակած այցելութեան արժանի ինը յուշակոթողներու ցանկին մէջ: Ըստ «Ֆորպզ»ի՝ Մայիս 21ին Նիւ Եորքի մէջ այցելուներուն համար առաջին անգամ ըլլալով իր դռները կը բանայ 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական յարձակման զոհ դարձած մարդոց յիշատակին նուիրուած թանգարանը:


Թանգարանը արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր բաց է ահաբեկչական յարձակման պատճառով սպաննուածներուն հարազատներուն համար։ Այս առնչութեամբ ամսագիրը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կառուցուած այլ ութ յուշակոթողներու, որոնք նուիրուած են ողբերգութիւններու եւ աղէտներու ընթացքին սպաննուած մարդոց յիշատակին՝ փորձելով պարզել, թէ այդ համալիրները ի՛նչպէս կը գործեն այսօր: Այդ ութ յուշակոթողներն են՝ Ողջակիզումի թանգարանը Երուսաղէմի մէջ, æրային աղէտներու թանգարանը Խրիմի մէջ, Չեռնոպիլի թանգարանը՝ Քիեւի մէջ, «Գուլագ»ի թանգարանը Մոսկուայի մէջ, Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարանը Հիրոշիմայի մէջ, «Թայթենիք Պելֆասթ» թանգարանը, Ափարթէիտի թանգարանը Եոհանսպուրկի մէջ:

Երուսաղէմի «Եադ Վաշեմ» թանգարանը հիմնադրուած է Բ. Համաշխարհային պատերազմէն քիչ անց՝ 1953 թուականին եւ Իսրայէլի օրէնսդիր մարմինի՝ Քնեսէթի որոշումով: Թանգարանի հաւաքածոյին մէջ ընդգրկուած են Ողջակիզումի զոհերուն պատկանող անձնական իրեր, փաստաթուղթեր եւ արուեստի գործեր:
æրային աղէտներու թանգարանը բացուած է 2009 թուականին եւ կը գտնուի Մալոռեչենսքոյէ գիւղին մէջ: Անիկա նուիրուած է ջրային տարերքի զոհ դարձած նաւաստիներուն, ձկնորսներուն եւ ուղեւորներու յիշատակին: Ներսէն թանգարանը խորտակուած նաւու տեսք ունի, ցուցանմոյշները տեղադրուած են անկանոն կերպով՝ նպատակ ունենալով այցելուներուն մօտ ջուրի յատակը գտնուելու տպաւորութիւն ստեղծել:

Չեռնոպիլի թանգարանը նուիրուած է 20րդ դարու մեծագոյն մարդկային աղէտին: 1992ին բացուած թանգարանին մէջ աւելի քան 7000 ցուցանմոյշ կայ՝ լուսանկարներ, գաղտնի փաստաթուղթեր, լրատուական հրապարակումներ, Չեռնոպիլի տարածքին մէջ եղած իրերու օրինակներ:

Մոսկուայի «Գուլագ»ի թանգարանը նուիրուած է «Ճամբարներու եւ կալանավայրերու գլխաւոր վարչութեան» կողմէ ղեկավարուող զանգուածային բռնի ազատազրկման եւ կալանաւորման վայրերու բանտարկեալներուն: Թանգարանը բացուած է 2001ին: Աշխատակիցները մինչեւ օրս կը շարունակեն նիւթերու հաւաքագրումը:

1955 թուականին Հիրոշիմայի մէջ բացուած է Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ռմբակոծման յիշատակին նուիրուած Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարանը: Թանգարանային հաւաքածոն կը պատմէ ատոմային պայթիւնի ունեցած հետեւանքներու մասին: Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարան այցելութիւնը ներառուած է Ճափոնի դպրոցական ծրագիրին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը բացուած է 1995ին՝ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան 80ամեակին առիթով: Թանգարանին մէջ մնայուն կերպով կը ցուցադրուին փաստաթուղթեր, վաւերագրական արժէք ունեցող լուսանկարներ, բազմատեսակ նիւթեր, որոնք կ՛արտացոլացնեն միջազգային հանրութեան վերաբերմունքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Նշանաւոր «Թայթենիք» նաւու զոհերուն նուիրուած «Թայթենիք Պելֆասթ» թանգարանը (Հիւսիսային Իրլանտիա) աշխարհի մէջ մեծագոյնը կը նկատուի: Թանգարանը կառուցուած է այն վայրին մէջ, ուր ժամանակին կառուցուած էր «Թայթենիք»ը: Թանգարանի շէնքը նաւու ձեւ ունի:

Եոհանսպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող Ափարթէյտի թանգարանը կառուցուած է բանտի օրինակով եւ կը ներկայացնէ 1948-1994 տարիներուն այդ պետութեան որդեգրած ցեղային հալածանքներու քաղաքականութիւնը: Այցելուներուն կ՛առաջարկուի իրենց մաշկին վրայ զգալ ցեղային անհաւասարութիւնը. թանգարանի մուտքի երկու տեսակի տոմս կը վաճառուի՝ սպիտակամորթներուն եւ սեւամորթներուն համար: Խորքին մէջ տոմսերը կը տրուին անկախ այցելուներուն ցեղային պատկանելիութենէն, սակայն տոմսին համապատասխան՝ այցելուները տարբեր մուտքերով կ՛առաջնորդուին թանգարան:


comments

Advertisement