Ատրպէյճանի կողմի կրակոցէն Հայ զինուոր մը նահատակուած է

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 20 Մայիսին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զօրքերու հանդիպման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ պահակութիւն ըրած ատեն, հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն մահացու վէրքեր ստացած է զինուորական ծառայող, 1994 թուականի ծնունդ Արթուր Սէյրանի Օհանջանեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեաննախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը գուժած է զինուորին մահը՝ այս ծանր կորուստին համար ցաւակցութիւն յայտնելով Արթուր Օհանջանեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Դէպքին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար տեղի կ՛ունենայ հետաքննութիւն:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան նոյն օրը ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի ջոկի հրամանատար, կրտսեր սերժանտ Արթուր Օհանջանեանը յետ մահու պարգեւատրուել է «Մարտական Ծառայութիւն» մեդալով»։ Այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահական աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:


comments