Նոր ամբաստանութիւններ Սոմայի արկածին կապակցութեամբ

By Asbarez | Tuesday, 20 May 2014

 

ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ դատական իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Մայիս 20ին երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւս մարդասպանութեան յանցանքով ամբաստանեցին Սոմայի ածխահանքի արկածին կապակցութեամբ՝ ցարդ ամբաստանուածներուն թիւը հասցնելով 8ի, մինչ Թուրքիոյ խորհրդարանը սկսաւ քննելու այդ հարցը:


301 զոհ խլած եւ 486 վիրաւոր պատճառած արկածը երկիրի տարածքին ցոյցերու պատճառ դարձաւ, եւ անտարակոյս, դիւրին պիտի չըլլայ յայտնաբերել բոլոր պատասխանատուները, հակառակ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պնդումներուն, թէ բոլոր թերացումներու պատասխանատուները պիտի պատժուին:
Շատ հետաքրքրական էր, որ արկածի առաջին օրերուն յատուկ ճիգ կը թափուէր ածխահանքի տէր Ալփ Կիւրքանի շուրջ լռութիւն պահելու ուղղութեամբ։ Հանրային կարծիքը թէեւ շատ տարուած էր ամէն վայրկեան դուրս բերուած մարմիններու թիւով, բայց ընդհանրապէս կառավարութեան կողքին կանգնած թերթերը կը լռէին այս մասին։ Այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, որ Կիւրքան կը պաշտպանուէր վերերէն ու շատերը այս կապակցութեամբ կասկածանքով սկսան նայելու վարչապետին ու կառավարութեան։ Այս կասկածները աւելի զօրացան, երբ Էրտողան Սոմա այցելելով դիտել տուաւ, թէ այսպիսի արկածներ ամէնուրեք կը պատահին՝ իբրեւ օրինակ բերելով այլ երկիրներու մէջ 50-60 տարի առաջ պատահած արկածները։

Որոշ ժամանակ ետք, երբ Կիւրքան սկսաւ մամլոյ ասուլիսներով բացատրութիւններ տալու, թերթերը սկսան ամբաստանութիւններ յայտարարելու անոր հասցէին: Մինչեւ իսկ հրապարակուեցաւ, որ ուրիշ յանցագործութիւններու հետեւանքով ան կը դատուէր տակաւին։

Արկածի քննութեան պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Աքհիսարի հանրապետական դատախազ Պեքիր Շահիներին, որ 31 դատախազներով սկսած է քննելու արկածին ներքին ծալքերը։ Շահիներ, նախնական տպաւորութիւններու վրայ հիմնուած՝ Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ մասնագէտներու համաձայն՝ արկածին դրդապատճառը ելեկտրական խանգարումը չէր, ինչպէս պնդուեցաւ առաջին վայրկեաններուն:

Նշենք, որ Միջազգային աշխատաւորական կազմակերպութեան տուեալներով՝ 2012ին Եւրոպայի մէջ գործի արկածներով մահացածներուն ամենաբարձր թիւը արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ, իսկ աշխարհի տարածքին՝ Թուրքիա կը գրաւէ երրորդ դիրքը: 2002էն 2012ի միջեւ, Թուրքիոյ տարածքին աւելի քան հազար հանքագործ մահացած է:

Թուրքիոյ հանրային կարծիքը այժմ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է վնասուց հատուցման հարցին վրայ: Լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ եթէ ածխահանքի սեփականատէր «Սոմա Հոլտինկ»ը հարիւր տոկոս յանցաւոր նկատուի այս արկածին, ապա անիկա պիտի ստիպուի վճարելու հարիւրաւոր միլիոն տոլարի հասնող հատուցում։


comments

Advertisement