Սուրիոյ պատերազմի զոհերուն թիւը անցած Է 160 հազարը

By Asbarez | Tuesday, 20 May 2014

 

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը Մարտ 2011էն ի վեր հասած է 162,402ի:


Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու հարցերով զբաղող լոնտոնեան գրասենեակին տուեալներով՝ զոհերէն 53,978ը քաղաքայիններ էին, ներառեալ՝ 8607 երեխաներ:
Ընդդիմադիր զինեալներու շարքերուն մէջ զոհերու թիւը 42,701 է, ներառեալ՝ 13,500 հոգի «Քայիտա»ի զինակից «Ճապհաթ Նուսրա»ի եւ «Քայիտա»ի նախկին զինակից «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն»ի նման իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալներ:

Կառավարութեան համակիր ուժերու շարքերուն մէջ զոհերու թիւը կը գնահատուի 61,170 ով, որոնցմէ 37,685ը՝ զինուոր, իսկ 23,485ը՝ կամաւորական զինեալ:
Իրաւապաշտպանները նաեւ հաստատած են լիբանանեան «Հըզպալլա»ի 438 անդամներու, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակարգի կողմնակից 1224 ոչ սուրիացի զինեալներու մահուան փաստը:

Ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ 2891 զոհեր, որոնց ինքնութիւնը յստակ չէ:


comments

Advertisement