Մալեզիոյ նախկին վարչապետը «Սի.Այ.Էյ.»ը կ՛այպանէ անհետացած օդանաւին հարցով

By Asbarez | Tuesday, 20 May 2014

 

ՔՈՒԱԼԱ ԼՈՒՄՓՈՒՐ, «Ռոյթըրզ».- Մալեզիոյ ազդեցիկ նախկին վարչապետ Մահաթիր Մոհամետ յօդուածով մը անդրադարձած է Մալեզիական օդանաւային ընկերութեան անյայտացած օդանաւին հարցին՝ նշելով, որ օդանաւը կրնայ ջախջախուած չըլլալ եւ անոր գտնուած վայրը կրնայ ծանօթ ըլլալ «Սի.Այ.Էյ.»ին եւ ամերիկեան «Պոյինկ» ընկերութեան:


«Օդանաւերը պարզապէս չեն անհետանար, մասնաւորաբար՝ այս օրերուս, երբ հաղորդակցութեան հզօր համակարգեր կան», գրած է ան:


Նախկին վարչապետը ըսած է, որ օդանաւը, եթէ առեւանգուած էր, ապա կրնար «Սի.Այ.Էյ.»ի կողմէ հեռավարով շրջուած ըլլալ, իսկ Աւստրալիոյ ղեկավարութեամբ օդանաւի բեկորներու փնտռտուքին աշխատանքը՝ «ժամանակի եւ դրամի մսխում» որակած է:


comments

Advertisement