By Asbarez | Tuesday, 20 May 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի (ՆԱԹՕ) գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն 20 Մայիսին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին՝ Քոսովոյի մէջ իրականացուող «Քոսովոյի ուժեր» գործողութեան, Աֆղանստանի մէջ իրականացուող կայունութեան ուժերուն Հայաստանի մատուցած օժանդակութեան համար:
Ռասմուսեն շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ 2014 թուականէն ետք Աֆղանստանի մէջ իրականացուող «Վճռական աջակցութիւն» գործողութեան ա-ջակցելու Հայաստանի յանձնառութեան համար:
ՆԱԹՕի գլխաւոր ղեկավարման մարմինի կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախարարները հանդիպում ունեցած են ՆԱԹՕի խորհուրդի անդամներու հետ, միտքեր փոխանակած տարածաշրջանային անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ կառոյցի համագործակցութեան վերաբերեալ:
Ռասմուսեն դրուատանքով արտայայտուած է այն մասին, որ Հայաստան արդէն սկսած է «Անհատական համագործակցութեան գործողութիւններու ծրագիր»ի նոր շրջանը՝ ողջունելով պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ թափանցիկութեան եւ պատասխանատուութեան բարձրացման նպատակով երկրին մէջ ի գործ դրուած ջանքերը:
Կողմերը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու զարգացնել երկկողմանի ամուր համագործակցութիւնը:
Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին Հայաստանը եւ ՆԱԹՕն ձեւաւորած են ամուր քաղաքական երկխօսութիւն, քաղաքացիական եւ ռազմական ոլորտներու համագործակցութեան լայն շրջանակ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ