Իրան-«Վեցեակ» բանակցութեանց նոր հանգրուաններ՝ յառաջիկայ ամիսներուն

By Asbarez | Thursday, 22 May 2014

 

ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի եւ «Վեցեակ»ին (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Չինաստան) միջեւ, յառաջիկայ ամիսներուն, փորձագէտներու մակարդակով բանակցային քանի մը հանգրուան տեղի պիտի ունենայ:


Ըստ աղբիւրին՝ բանակցային մթնոլորտը շատ լուրջ է, եւ երկու կողմերն ալ պատրաստ են հասնելու վերջնական համաձայնագիրի:

Նոյեմբեր 2013ին, «Վեցեակ»ի ներկայացուցիչները եւ Իրան համաձայնութիւն գոյացուցած էին ժամանակաւորապէս սահմանափակելու Իրանի հիւլէական ծրագիրը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցներու մեղմացման պայմանով: Կը նախատեսուէր վեց ամիսէն, այսինքն՝ մինչեւ Յունիս 20, հասնիլ վերջնական համաձայնութեան մը, որ պիտի երաշխաւորէր Իրանի հիւլէական ծրագիրին մէջ ռազմական գործօնի չգոյութիւնը՝ պատժամիջոցները լիովին ջնջելու պայմանով:


comments

Advertisement