Շուլց կը յիշեցնէ՝ Թուրքիա իր ներկայ վիճակով չի կրնար անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան

By Asbarez | Thursday, 22 May 2014


 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոխորհրդարանի ընտրութեանց քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց մասնակցեցաւ պատկերասփռուած բանավէճի մը ու կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ Թուրքիոյ մասին։

Շուլց ըսաւ, թէ ներկայ դրութեամբ՝ Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ Եւրոմիութեան։

Բանավէճը կազմակերպուած էր Համպուրկի մէջ, գերմանական պետական կայանին կողմէ։

Յայտագիրին կը մասնակցէր նաեւ Եւրոպայի ժողովրդային կուսակցութենէն Ժան Քլոտ Եանքեր, որ յայտարարեց, թէ մինչեւ 2019, անհրաժեշտ է առկախել որեւէ երկրի անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան։ Իր կարծիքով՝ եուրոյի ճգնաժամի վնասները դարմանելու համար, Եւրոմիութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ներքին հարցերու լուծման վրայ։

 


comments

Advertisement