By Asbarez | Monday, 12 September 2011
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ուզէ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու ճգնաժամը շահագործել իսլամական աշխարհին մէջ իր շահերը յառաջ մղելու համար։
Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յանձնարարած է միջազգային ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ հակադարձելու գործողութիւններու ծրագիր մշակել։
Օրաթերթը կը նշէ, որ Լիպըրմըն կը ծրագրէ հանդիպումներ իրականացնել Եւրոպայի մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներուն հետ, «անոնց հետ կարելի բոլոր մարզերու մէջ համագործակցելու եւ անոնց զօրավիգ կանգնելու համար»։
«Ետիոթ Ահրոնո»չ կը գրէ. «Իսրայէլեան ծրագիրին մէկ այլ քայլն է Թուրքիոյ պատմական մրցակիցներուն՝ հայերուն հետ համագործակցութեան դիւրացումը։ Այս ամիս, Լիպըրմանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին, կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունենայ հայկական լոպիի ղեկավարներուն հետ եւ առաջարկէ Քոնկրեսին մէջ հակաթուրք համագործակցութիւն ծաւալել։
«Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու իսրայէլեան ջանքերը կրնան մեծապէս վնասել Թուրքիոյ։ Իսրայէլ նաեւ կրնայ Արարատ լերան վերահսկողութեան հարցով Թուրքիոյ հետ վէճին մէջ, զօրակցիլ Հայաստանի», կը գրէ թերթը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Լիպըրման յայտնած է. «Էրտողանին վճարել պիտի տանք գին մը, որ իրեն ցոյց պիտի տայ, թէ Իսրայէլի հետ չափուիլը շահաբեր չէ: Թուրքիոյ համար աւելի լաւ կ՛ըլլայ եթէ մեզի հետ յարգանքով եւ քաղաքավարութեամբ վարուի»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ