By Asbarez | Friday, 23 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ 23-24 Մայիսին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Միջազգային անվտանգութեան հարցերով երրորդ համաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հանդիպումներ պիտի ունենայ իր ռուս եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն՝ Սերգէյ Շոյգուի եւ Հուսէյն Տեհկանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռեգնում» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ իրանական «IRNA» լրատուական գործակալութեան հաղորդագրութիւնները:
Նախարարները պիտի քննարկեն, մասնաւորապէս, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի կապերու ընդլայնման հարցեր:
«Ռեգնում»ի համաձայն՝ Մոսկուայի համաժողովին հիմնական նիւթերն են՝ «գունաւոր յեղափոխութիւններու» տարածման հիմնախնդիրը, «Արաբական գարնան» հետեւանքները Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան միջազգային ուժերու դուրս գալէն ետք Աֆղանիստանի մէջ կայունութեան պահպանման հեռանկարները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ