Սուրիական բանակը իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ Հալէպի բանտի շրջակայքը

By Asbarez | Friday, 23 May 2014

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ֆարս».- Սուրիական բանակը Հինգշաբթի, Մայիս 22ին վերջ դրած է Հալէպի կեդրոնը գտնուող բանտի պաշարումին: Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի ներկայացուցիչ Ռամի Ապտել Ռահման հաղորդած է, որ իսլամ ծայրայեղականներու «Ճապհաթ Նուսրա» խմբաւորման եւ այլ իսլամական խմբակներու զինեալներուն կողմէ բանտին 13ամսեայ շրջափակումը վերջ գտած է բանակին եւ վարչակարգի հաւատարիմ ուժերուն ջանքերով: Բանակը կը ջանայ նաեւ Հալէպի բանտէն մօտաւորապէս մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան գտնուող Շէյխ Նաճճար շրջանը իր հակակշիռին տակ առնել, փակելու համար իսլամականներուն զէնքի մատակարարման համար կարեւոր ճամբայ մը:


Միւս կողմէ, Մայիս 23ին յարձակում մը տեղի ունեցած է Տարաա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ընտրական հաւաքի մը դէմ, որուն հետեւանքով սպաննուած է 25 հոգի, ներառեալ՝ մեծաթիւ քաղաքայիններ: Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւները տեղի պիտի ունենան Յունիս 3ին:


comments

Advertisement