Էրտողան պոռալով կը պնդէ՝ ինք բռնատէր չէ

By Asbarez | Friday, 23 May 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Մայիս 22ին դարձեալ խստօրէն քննադատեց գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուն, այս անգամ գանգատելով, որ ան շարունակաբար «բռնակալ» կ՛որակէ վարչապետը։ Թուրքիոյ առեւտրական գրասենեակներու եւ սակարաններու միութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր դիմաց նստած Քըլըճտարօղլուի աչքերուն նայելով՝ Էրտողան պոռաց. «Եթէ ես բռնակալ ըլլայի, դուն այս տեղերը կրնայի՞ր այսպէս ազատօրէն պտտիլ»:


Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Սոմայի արկածին ու պնդեց, թէ այս կապակցութեամբ իշխող կուսակցութեան ուղղուած մեղադրանքները «ատելութեան յանցագործութիւն» են։ Իր ելոյթէն ետք, Էրտողան կազմակերպիչներուն հետ ձեռնուեցաւ ու սրահէն հեռացաւ՝ առանց մտիկ ընելու Քըլըճտարօղլուին, որ իր կարգին պնդեց, թէ Էրտողան անարժէք կը համարէ երկիրի իրաւական համակարգն ու դատարանները եւ հարց տուաւ, թէ այսպիսի մարդ մը ի՞նչ է, եթէ ոչ՝ բռնակալ:


comments