Հիւլէականի համաձայնագիրը շատ հաւանաբար Յուլիսին կնքուի. Ռոհանի

By Asbarez | Friday, 23 May 2014

ԹԵՀՐԱՆ, «Արապիա».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարած է, թէ Թեհրանի եւ «Վեցեակ»ին միջեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները շատ հաւանաբար ցանկալի արդիւնք տան մինչեւ Յուլիսի վերջաւորութիւնը, երբ կարելի պիտի ըլլայ համապարփակ համաձայնագիր մը ստորագրել: Ռոհանի աւելցուցած է, թէ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ կան շարք մը բարդ հարցեր, որոնց լուծում տալու համար ժամանակ է պէտք, եւ ճիշդ չէ ակնկալել, որ խնդիրը պիտի լուծուի քանի մը հանդիպումով: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը նշած է, որ իրանեան կողմը համաձայնած է քննել շարք մը վիճայարոյց հարցեր… բան մը, որ նախապէս կը մերժէր: Յիշեցնենք, որ Արեւմուտքը Իրանը կ՛ամբաստանէ հիւլէական զէնք արտադրել ջանալու յանցանքով, սակայն Թեհրան կը հերքէ այս ամբաստանութիւնը՝ նշելով, որ իւրանիոմի հարստացում կը կատարէ խաղաղ նպատակներու համար:


comments

Advertisement