Թայլենտի բանակը կը ստանձնէ երկիրի ղեկը

By Asbarez | Friday, 23 May 2014

ՊԱՆՔՈՔ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Մայիս 22ին, Թայլենտի բանակը յայտարարեց, որ ստանձնած է իշխանութիւնը եւ առկախած երկրին սահմանադրութիւնը, իսկ Ուրբաթ օր, ձերբակալած է նախկին վարչապետ Եինկլաք Շինիուաթին ու շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք զեղծարարութեամբ կ՛ամբաստանուին:
Բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Փրայութ Չան Օքա խոստացաւ կարգ ու կանոնը վերականգնել եւ քաղաքական բարեփոխումներ կատարել:


Պատկերասփիւռային սփռումները առկախուած են, իսկ քաղաքական հաւաքները՝ արգիլուած: Երկիրի տարածքին, գիշերուան ժամը 10էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5 երկարող կրակմարի դրութիւն մը հաստատուած է:

Զինուորական յեղաշրջումը հետեւանք է Թայլենտի մէջ 7 ամիսներ առաջ սկսած հակակառավարական ցոյցերուն եւ զեղծարարութեան ամբաստանութեանց հետեւանքով սկսած քաղաքական վերիվայրումին:

Բանակը Երեքշաբթի օր կրակմարի դրութիւն յայտարարած էր, ապա քաղաքական գլխաւոր խմբաւորումներուն միջեւ տեղի ունեցած էին բանակցութիւններ, որոնք արդիւնք չէին տուած, եւ իբրեւ հետեւանք՝ բանակը յեղաշրջում կատարեց:


comments

Advertisement