Պաքուն ԵԽԽՎի փոխնախագահը կողմնակալ կը նկատէ

By Asbarez | Friday, 23 May 2014

 

ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Ռոյթըրզ», «Թերթ».- Եւրոխորհուրդի նախարարներու խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնելէն միայն 9 օր ետք, Ատրպէյճանը այդ մարմինի խորհրդարանական կառոյցին՝ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ), նախագահ Ան Պրասիւրի կողմէ խիստ քննադատութեանց արժանացաւ:

Արդարեւ, Ուրբաթ, Մայիս 23ին, Պաքուի մէջ կայացած նախարարներու խորհուրդի ժողովին ընթացքին, Պաքու քննադատուեցաւ՝ մամլոյ ազատութեան, հաւաքներու եւ շարք մը այլ մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնակոխելուն համար:

Անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ Պրասիւր ընդգծած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է միայն խաղաղ միջոցներով կարգաւորեն տագնապը՝ աւելցնելով, որ վեհաժողովը պատրաստ է աջակցելու բանակցութեանց՝ «իր ձեռքին տակ եղած բոլոր միջոցներով»:

«ԵԽԽՎ անդամ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը մեր կազմակերպութեան հիմնարար սկզբունքներէն է, եւ այդ սկզբունքը ուժի մէջ է ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ Ատրպէյճանի նկատմամբ», աւելցուցած է ան:

Նոյն օրը, որոշուեցաւ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին չեղեալ համարել Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք Խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբերուն բոլոր նիստերը՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արտօնութիւն չէին տուած ԵԽԽՎ ֆրանսացի փոխնախագահին, որ Պաքու մուտք գործէ: Ատրպէյճանի այդ քայլը յստակ խախտում մըն էր ԵԽԽՎի օրէնքներուն:

Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, Արցախի անկախութեան ջատագով ֆրանսացի երեսփոխան Ռընէ Ռուքէ արտօնութիւն չէր ստացած Ատրպէյճան մուտք գործելու, մասնակցելուն համար նշեալ ժողովին: Ռուքէ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ Ֆրանսայի պատուիրակութեան նախագահն է ու միաժամանակ ԵԽԽՎի փոխնախագահն է: Ան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու Բարեկամութեան շրջանակի անդամ է:

Հակադարձելով ԵԽԽՎի որոշումին՝ ԵԽԽՎի մօտ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Սամետ Սէյտով յայտարարած է, թէ Ռուքէի մուտքը արգիլուած էր, որովհետեւ ան այցելած էր «գրաւեալ տարածք»՝ ակնարկելով Արցախին: Սէյտով նաեւ կողմնակալութեան յանցանքով ամբաստանած է Ռուքէն՝ աւելցնելով, թէ ԵԽԽՎի հեղինակութենէն աւելի՝ ինք մտահոգ է «հայկական լոպի»ով:

Սէյտով նաեւ ԵԽԽՎն մեղադրած է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը անտեսելու յանցանքով՝ ազդարարելով, թէ անտեսումը վնաս պիտի հասցնէ ԵԽԽՎի հեղինակութեան: «Մենք ԵԽԽՎի մէջ պէտք է գրաւեալ տարածքներուն մասին փաստաթուղթ ընդունինք: Մենք պէտք է բանանք մեր աչքերը եւ տեսնենք իրականութիւնը: Եւրոխորհուրդը արդէն իսկ կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը: Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը Եւրոխորհուրդի գոյութեան հիմնական նախապայմանն է: Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա Եւրոխորհուրդը կրնայ անհետանալ Եւրոպայի քաղաքական բեմէն: Պէտք է անյապաղ փոփոխութիւններ կատարուին, քանի որ իրավիճակը շատ ծանր է», ազդարարած է ան:


comments