Մորնինկսթար Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութի՞ւն կանչուած Է

By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Դիւանագիտական աղբիւրներ գործակալութեան յայտնած են, թէ նախարարութիւնը դեսպանին յիշեցուցած է այն արտայայտութիւնները, զորս ան կատարած էր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպէյճանական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին մէջ եւ որոնք որակուած են իբրեւ միջամտութիւն Ատրպէյճանի ներքին գործերուն, ինչ որ «անթոյլատրելի» նկատուած է:


Դեսպանին ուշադրութեան յանձնուած է այն, որ այդպիսի քայլեր չեն համապատասխաներ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ոգիին եւ կը հակասեն դիւանագիտական գործունէութեան արժեչափերուն:

Սակայն Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն չէ կանչուած արդէն իսկ:

Յիշեցնենք, որ անդրադառնալով Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ ճնշումներուն՝ Մորնինկսթար նշած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ կրնան կրկնուիլ ուքրանական իրադարձութիւնները:


comments

Advertisement