Վարչապետ Էրտողան քուէներ կ՛որսայ Գերմանիոյ մէջ

By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքը այցելեց եւ հոն խօսեցաւ թուրքերու առջեւ, որոնք կանգնած են իր կողքին եւ որոնցմէ անշուշտ քուէ պիտի ակնկալէ, եթէ թեկնածու ներկայանայ հանրապետութեան նախագահութեան ընտրութիւններուն։


Վարչապետը խօսեցաւ մօտաւորապէս 20,000 թուրքերու առջեւ, բայց այս առիթով, ըստ ոմանց՝ 50,000էն 100,000 ալաուիներ բողոքի ցոյց մը ըրին վարչապետ Էրտողանի դէմ։ Գերմանիոյ իշխանութիւնները շատ անհանգիստ էին Էրտողանի սոյն այցելութեամբ ու մօտաւորապէս 6 հազար ոստիկաններ զօրաշարժի ենթարկեցին, երաշխաւորելու համար Էրտողանի ապահովութիւնը եւ արգելք հանդիսանալու հաւանական խռովութիւններու։

Էրտողան Քէօլնի մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Անկելա Մերքելին, որ ցաւակցած էր Սոմայի արկածի զոհերուն, ապա դատապարտեց բոլոր անոնք, որոնք փորձեցին շահագործել աղէտը։

Ապա, ան շատ ծանր ոճով յարձակեցաւ Գերմանիոյ մամուլին վրայ՝ դիտել տալով, որ գերմանական թերթ մը զինք «դժոխք ղրկած էր»։ Ակնարկութիւնը կ՛երթար «Պիլտ» թերթին, որ խնդրայարոյց վերնագիր մը գործածած էր վարչապետին դէմ։ Էրտողան զայն որակեց «իր չափը չգիտցող թերթ մը, որ՝ ո՛վ գիտէ ուրկէ՛ գտած է դժոխքին հասցէն»։ Էրտողան դարձեալ յարձակեցաւ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի վրայ՝ զայն հայրենադաւ որակելով: Ան զգուշութեան հրաւիրեց նաեւ Եւրոպայի այն շրջանակները, որոնք Թուրքիոյ հասցէին մատ կը շարժեն ու խրատել կը փորձեն։ «Թուրքիան այլեւս անոնց գիտցած հին Թուրքիան չէ», պնդեց Էրտողան։

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ թերթերուն մէջ երեւցան Էրտողանը ծանր ոճով քննադատող լրատուութիւններ, իսկ Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի նախագահի տեղակալ Շթրոպել ըսաւ, որ աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ Էրտողան Գերմանիա չգար, որովհետեւ անոր խիստ ելոյթները կը խանգարեն Եւրոպայի մէջ լաւ յարաբերութիւններու համար պայքարող շրջանակներուն գործը։

Նաեւ, այս առթիւ, «Պիլտ» թերթը բաց նամակ մը հրատարակեց Էրտողանի հասցէին՝ գրելով. «Գերմանիոյ մէջ կարծիքի ու արտայայտութեան ազատութիւն կայ, ուստի չենք կրնար արգիլել ձեր այստեղի ճառախօսութիւնը, բայց անգամ մը եւս գիտցէք, որ դուք բարի եկած չէք հոս, դուք այստեղ բաղձալի անձ չէք»:


comments