By Asbarez | Tuesday, 27 May 2014
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ եղեռնադատ 7րդ ատեանը, որ յառաջ կը տանի չորս տարի առաջ իսրայէլեան յարձակումին ենթարկուած «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դատավարութիւնը, ձերբակալութեան վճիռ արձակեց չորս գլխաւոր ամբաստանեալներու դէմ, որոնք Իսրայէլի այդ ժամանակաշրջանի զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարներն էին։
Իսրայէլացի այս չորս հրամանատարները կը դատուէին ի բացակայութեան, քանի որ ընթացք չէին տուած միջազգային կարգով անոնց ղրկուած «հրաւէր»ին։
Խնդրոյ առարկայ ամբաստանեալներն են՝ Իսրայէլի այդ շրջանի սպայակոյտի նախագահ Կապրիէլ Էսքենազի, ծովուժի հրամանատար Էլիէզեր Մարոմ, լրաքաղութեան բաժինի պետ Էմըս Եատլին եւ օդուժի հրամանատար Աւիսա Լեւի։ Դատարանը պահանջեց, որ այս չորս ամբաստանեալները ձերբակալուին ու դատարան բերուին, եւ ասոր համար պիտի պահանջուի «Ինթըրփոլ»ի աջակցութիւնը։
«Կապոյտ Մարմարա»ի վրայ յարձակումին պատճառով 9 թուրք սպաննուած էր։ Այդ օրէն ի վեր, Թուրքիա պահանջներ կը ներկայացնէ Իսրայէլին, ու հակառակ անոր, որ Իսրայէլի վարչապետը ներողութիւն խնդրեց, հարցը չէ փակուած։
Իսրայէլի նախկին չորս ամենաբարձրաստիճան զինուորականներուն դէմ Թուրքիոյ դատարանին կողմէ արձակուած ձերբակալման որոշումը Իսրայէլի քաղաքական շրջանակներէն ներս ընդունուեցաւ իբրեւ «ծիծաղաշարժ գրգռութիւն»։
«Հաարեց» թերթը գրեց, որ դատարանին այս որոշումը ունի միայն այն նշանակութիւնը, որ եթէ նշեալ չորս իսրայէլացի զինուորականները Թուրքիա երթան, ապա հոն պիտի ձերբակալուին։ Իսկ եթէ «Ինթըրփոլ»ը ընդունի այս ձերբակալութեան որոշումը, այն ատեն չորս հրամանատարները կը ձերբակալուին «Ինթըրփոլ»ի համաձայնութեան անդամակցող երկիրներէն որեւէ մէկը մուտք գործելու պարագային։ Հրամանատարները նաեւ կրնան ձերբակալուիլ ու Անգարայի յանձնուիլ, եթէ երթան որեւէ երկիր, որ Թուրքիոյ հետ ունի ամբաստանեալները վերադարձնելու համաձայնութիւն։
Դատարանը, չորս հրամանատարներուն դէմ ձերբակալման այս որոշումը արձակելէ ետք, դատավարութեան յաջորդ նիստին համար որոշեց Դեկտեմբեր 9 թուականը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ