Իրաքի իշխանութիւնները կը բողոքեն Թուրքիոյ դէմ

By Asbarez | Thursday, 29 May 2014

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Անգարայի եւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական կառավարութեան միջեւ կնքուած էր համաձայնագիր մը, որով իրաքեան քարիւղ կը ներածուի Թուրքիա։ Այս համաձայնագիրը զայրոյթ պատճառած է Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւններուն։


Թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը կը գրէ, որ Պաղտատի իշխանութիւնները այս կապակցութեամբ Թուրքիոյ դէմ բողոք ներկայացուցած են Առեւտուրի միջազգային պալատին։ Իրաքի քարիւղի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այս քայլով, Թուրքիա կը խախտէ այն պարտաւորութիւնները, զորս նախապէս ստանձնած էր այլ համաձայնագիրով մը։ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի կառավարութիւնը այս ձեւով քարիւղի վաճառքը կ՛որակէ «քարիւղի մաքսանենգութիւն»։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած էր, որ Թուրքիա անցեալ շաբաթ սկսած էր Հիւսիսային Իրաքի քարիւղը արտածելու դէպի միջազգային շուկայ։ Այս յայտարարութիւնը քննադատուած էր նաեւ ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ, եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի ընդգծած էր, թէ առանց Պաղտատի համաձայնութեան՝ քարիւղի արտածումը մտահոգիչ է Ամերիկայի համար։


comments

Advertisement