Աթէնք լաւատես է

By Asbarez | Thursday, 29 May 2014

ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս յայտարարած է, որ Յունաստան յառաջիկայ տարիներուն պիտի վերադառնայ իր նախաճգնաժամային տնտեսութեան մակարդակին՝ գոյացնելով 770,000 աշխատանքի առիթ: Վարչապետը բացատրած է, որ զարգացման ծրագիրը պիտի չըլլայ «խորհրդային» ոճով, ուր «պետութիւնը կ՛ընէր ամէն ինչ»:

«Մինչեւ 2020, Յունաստան պիտի վերականգնէ բարեկեցութեան մակարդակը: Օրը օրին, ամիս առ ամիս իրավիճակը պիտի բարելաւուի: Տուրքերը պիտի նուազին: Այս տարուընէ կը սկսի զարգացումը: 2015ին աճը պիտի ըլլայ 2.9 առ հարիւր, իսկ 2016ին՝ 3.7 առ հարիւր», յայտարարած է Սամարաս:


comments