By Asbarez | Thursday, 29 May 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մետիա 365».- Հիւլէական երկու կայաններու կառուցման ծրագիրներու հաստատումէն ետք, Թուրքիոյ իշխանութիւնները մտադիր են նախաձեռնելու երրորդ կայանի մը շինութեան, որուն կառուցումը կը նախատեսուի դարձեալ Սեւ ծովը եզերող Սինոփ շրջանին մէջ, ուր արդէն իսկ նման կայան մը կը կառուցուի ներկայիս։ Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը աշխատանքի ձեռնարկած է՝ երրորդ կայանի մը վայրը ընտրելու համար:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա ելեկտրականութեան պահանջի աճի ցուցանիշով, Եւրոպայի մէջ առաջինը կը նկատուի, իսկ աշխարհի մէջ՝ երկրորդը՝ Չինաստանէն ետք։ Այժմ Թուրքիա ուժանիւթի հարցին մէջ մեծապէս կախեալ է արտաքին աշխարհէն։ Երկիրը տարեկան իր սպառած կազին 98, քարիւղին 92 եւ ածուխին 32 առ հարիւրը կը ներածէ արտասահմանէն։ Սակայն, մինչեւ հանրապետութեան հռչակման հարիւրամեակը )2023), իշխանութիւնները կը ծրագրեն ունենալ երեք հիւլէակայաններ՝ կախուածութիւնը նուազեցնելու համար:
Թուրքիան նախորդ երկու աթոմակայաններու ծրագիրները որոշած է իրականացնել Ռուսիոյ, Ճափոնի եւ Ֆրանսայի հետ համատեղ։
Կ՛ենթադրուի, որ յիշեալ կայաններով Թուրքիա պիտի կարենայ 16 միլիառ խորանարդ նուազ կազ ներածել՝ խնայելով տարեկան աւելի քան 7 միլիառ տոլար։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ