Ուքրանական ուղղաթիռ մը կը զգետնուի Սլովիանսքի մէջ

By Asbarez | Thursday, 29 May 2014

Ծուխ կը բարձրանայ զգետնուած ուղղաթիւռէն

ՍԼՈՎԻԱՆՍՔ, «Էյ.Փի.».- Ուքրանիոյ արեւելեան շրջանները իր հակակշիռին տակ առնելու Քիեւի իշխանութեանց ռազմական գործողութեանց ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, Մայիս 29ին տեղի ունեցած Սլովիանսքի վրայ հերթական յարձակումին ընթացքին, ուքրանական բանակի ուղղաթիռ մը եւս զգետնուած է՝ մինչ զինուորական ուժերը տուած են առնուազն 14 զոհ:


Նոյն օրը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս դադրեցնէ երկրին արեւելքը տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւնը:


comments

Advertisement