Նազարպաեւը Հայաստանին կ՛առաջարկէ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն մտնել առանց Ղարաբաղի

By Asbarez | Thursday, 29 May 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ Աստանայի մէջ յայտարարած է, որ Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ կայ նրբութիւն մը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին։ Հայաստանի նախագահին ուղղելով իր խօսքը՝ ան ըսած է. «Կայ տհաճ նիւթ մը. որպէսզի չգրգռենք Ատրպէյճանի մէջ ընկերոջ մը (Իլհամ Ալիեւին), դուք ինչպէս որ անդամակցած էք Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան, պէտք է Եւրասիական տնտեսական միութեան ալ անդամակցիք ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած սահմաններով (առանց Լեռնային Ղարաբաղի եւ նախկին Ատրպէյճանի ԽՍՀ յարակից շրջաններու)»։
Յիշեցնենք, որ Աստանայի մէջ կայացած Բարձրագոյն եւրասիական տնտեսական խորհուրդի նիստին Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պելոռուսի նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութինը, Նուրսուլթան Նազարպաեւը եւ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն ստորագրած են Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման պայմանագիրը, որ պիտի սկսի գործելու Յունուար 2015ին։


comments

Advertisement